ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 23. 2022

23 Սեպտեմբեր՝ ժամը 07։40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրկին խախտած են հրադադարի դրութիւնը ՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բանալով հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Պատասխան գործողութիւններով թշնամիի կրակը կասեցուած է։ Հայկական կողմէն կորուստներ չկան։

23 Սեպտեմբերի արտահերթ նիստով Երեւան քաղաքի աւագանին նախկին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը նշանակեց Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ։ Իր ելոյթին մէջ Տիգրան Աւինեան մեկնաբանեց, թէ Հաայստանի փոխվարչապետի պաշտօնէն յետոյ, ինչո՞ւ համաձայնեցաւ զբաղեցնել Երեւանի փոխքաղաքապետի պաշտօնը։

Հայաստանի Ագային ժողովի նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ մշտական ներկայացուցչութիւն բանալու՝ Սպանիոյ կառավարութեան որոշումին առիթով։ 23 Սեպտեմբերին Սիմոնեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Սպանիոյ Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարքոս Կոմէս Մարթինէսը:

Back to top button