ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 26 Ապրիլ. 2024

Ղազախական կողմին առաջարկով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն հնարաւոր հանդիպման ամսաթիւի մասին կը տեղեկացնենք համաձայնութիւն ձեռք բերուելուն պէս, այս մասին ըսաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր՝ Անի Բադալեան:

2024 թուականի Ապրիլի 25-ի դրութեամբ տեղադրուած է թիւով 20 սահմանային սիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին։ Վերահասու կը դառնանք «Լուրեր»ու կայքէջէն։

Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան համաձայնած է հացադուլը ընդհատել, կը յայտնէ Վարդանեանի գրասենեակը:

Գիշերը Իսրայելցի զինուորականները շարք մը նոր յարձակումներ կատարած են Լիբանանի մէջ «Հըզպոլլահ» կազմակերպութեան զինուած թեւի կէտերուն վրա։

Back to top button