ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 6 Մայիս. 2024

• Կիրանցի ականազերծման աշխատանքներու ժամանակ սակրաւորներէն մէկը վիրաւորուած է։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին թէ, ականի պայթումին պատճառով վիրաւոր զինծառայողի կեանքին վտանգ չսպառնար:

• Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն բանակցութիւնները Մայիս 10-ին Ալմաթիի մէջ տեղի պիտի ունենան։ Այդ մասին ըսուած է Արտաքին գործոց նածարարութեան բանբեր Անի Պատալեանի դիմատետրի էջին:

• Ամերիկեան իրավապաշտպան կազմակերպութիւններէն մէկը պատմութեան մէջ առաջին անգամ Պաքուի դէմ ցեղասպանութեան մեղադրանքով հայց ներկայացուցած է Միջազգային քրէական դատարան:

Back to top button