ԿարևորՄշակույթՌեպորտաժներ

Համագործակցութեան նոր առիթ․ Սուրիական ուտը՝ Հայաստանի սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ

Անի Զէյթունցեան
Հանրային ՌատիօՀամագործակցութեան նոր առիթ․ Սուրիական ուտը՝ Հայաստանի սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ

Հայազգի զաւակ Միսաք Պաղպուտարեանի խօսքով՝ «Ինչպէ՞ս կրնանք երաժշտութեան միջոցով արտացոլել մեր իսկական կապերը որ ունինք, հայ-սուրիական կապերը» ։

Հայաստանի մէջ Սուրիական դեսպանատան եւ օփերայի ազգային ակադեմիական թատրոնին հրաւէրով ու համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ համերգ մը Երեւանի Ալ․ Սպեդիարեան անուան օփերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ։ Առիթը՝ Սուրիոյ անկախութեան 78-րդ տարեդարձն էր, 17 Ապրիլ 2024ին, ուր հնչեցին սուրիացի եւ սուրիահայ հեղինակներու ինքնատիպ ստեղծագործութիւններ, օփերային թատրոնի սիմֆոնիկ նուագախումբի կատարմամբ: Նուագախումբը ղեկավարեց սուրիահայ խմբավար Միսաք Պաղպուտարեանը եւ որպէս մենակատար հանդէս եկաւ ուտահար Ատնան Ֆաթհալլան:

Միսաք Պաղպուտարեան Դամասկոսի Տար Ալ-Ասատ մշակոյթի եւ արուեստի տան գործող տնօրէնն է, ան 2003 թուականէն ի վեր կը ղեկավարէ՝ Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիկ նուագախումբը։

Մ․Պաղպուտարեան  շատ կարեւոր կը նկատէ օփերային թատրոնի սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ համագործակցութիւնը, որը կայացաւ Հայաստանի մէջ Սուրիական արաբական հանրապետութեան  դեսպան՝ դոկտ․ Նորա Արիսեանի  եւ օփերային թատրոնի տնօրէն՝ Կարէն Դուրգարեանի նախաձեռնութեամբ:

«Իբր սուրիական ուտ սա առաջին փորձառութիւնն էր, սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ դասական ծրագիրով։»

Փոխ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ Դամասկոսի Երաժշտութեան բարձրագոյն ինստիտուտի եւ Հայաստանի պետական Կոմիտաս անուան ​​երաժշտական ​​ինստիտուտին միջեւ Երևանի մէջ,  ուղղուած Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ փորձի փոխանակման եւ Հայաստանի մէջ աւանդական երաժշտական ​​գործիքներու վրայ արեւելեան երաժշտութեան զարգացման։

Երաժշտութիւնը մեծ դեր կրնայ խաղալ ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ միասնականութեան գործին մէջ։

Սուրիահայ համայնքը Հայաստանի մէջ մեծ աշխատանք տարած է սոյն համերգը իրականացնելու ․ «Ես սուրացի եմ՝ հայկական ծագումով, ինծի համար երազանք էր Հայաստանը»։ Ըսաւ մաեսթրօ Պաղպուտարեան։

Back to top button