ԿարևորՀասարակություն

Ստեղծուեցաւ որպէս որբանոց եւ հասաւ մինչեւ բարձրագոյն ուսում ջամբող տաճարի մը. փակուած Մելգոնեանի մասին

Մեր հիւրը՝ սփիւռքահայ գործարար տիկին Շնորհիկ Պահատուրեան-Ալթունն է, նախկին մելգոնեանցի ծնած է Կիպրոս, ուսանած  Պէյրութ եւ ապրած է Լոնտոն, Ամերիկա եւ Պոլիս, նաեւ սերտ կապ ունի Հայաստանի հետ։

Սոյն թուականի Նոյ․ 10-ին Հայաստանի մէջ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան առաջարկեց ստեղծել սփիւռքի գործերու կառոյց մը, որուն նպատակն է զարգացնել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը, բարձրացնել բնագաւառին մէջ իրականացուող աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը, ապահովել հայ համայնքներու միջեւ կայուն յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ աջակցիլ  հայ ինքնութեան պահպանման եւ հայրենադարձութեան։ Տիկին Շնորհիկ այս նիւթի առնչութեամբ ըսաւ ․ «Սփիւռքը այս ձեւով կապուած պիտի զգայ հայրենիքին  եւ աւելի դասաւորուած ձեւով իր ներդրումը պիտի ունենայ հայրենիքի զարգացման եւ յառաջդիմութեան մէջ»։

Ըստ տիկին Շնորհիկի, այս որոշումը երկար սպասուած նախաձեռնութիւն մըն է։ Նաեւ մեր զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակման մասին՝ տիկին Շնորհիկ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան տխուր ձեւով փակուիլը շատ ցաւալի կը համարէ Կիպրոսի պէս կղզիի մը մէջ, ուր  կառավարութիւնը ամէն տեսակ դիւրութիւն ցուց կուտայ հայերուն։ Կիպրոսը միշտ նեցուկ կանգնած է հայութեան։

«Մելգոնեանը ոեւէ հաստատութիւն մը չէ, Մելգոնեանը՝ Ցեղասպանութենէն ետք հիմնուած է որբերը հաւաքելու եւ հոն պատսպարան տրամադրելու նպատակով, ուրեմն Մելգոնեանը ստեղծուեցաւ որպէս որբանոց եւ հասաւ մինչեւ բարձրագոյն ուսում ջամբող տաճարի մը։ Այսօր Մելգոնեանի թշուարացած վիճակը մեզի մեծ ցաւ կը պատճառէ, աս պատճառով սփիւռքահայութիւնը, Արեւմտահայերէնը մեծ չափով տուժեց եւ կը շարունակէ տուժել։ Ամենակարեւոր տարիներուն, երբոր Միջին Արեւելքը խանգարուեցաւ եւ հայութիւնը ցիրուցան եղաւ, այդ տագնապալի օրերուն Մելգոնեանը կրնար մեծ ապաստարան մը ըլլալ Միջին Արեւելքի հայութեան համար։ Մենք գոցեցինք այդ դպրոցը, լքեցինք այդ․․ յայտնի ալ չէ, թէ ի՞նչ կը մտածէ ՀԲԸՄ-ի այսօրուան վարչութիւնը ընել այդ դպրոցին հետ։ Պիտի լքեն մինչեւ քանդուի՞ եւ դառնայ Արեւմտահայստանի եկեղեցիներուն նման քարուքա՞նդ»։

Տիկին Շնորհիկի ամուսինը նոյնպէս  մելգոնեանցի է, անոնք ծանօթացած են դէպի Հայաստան աշակերտական շրջապտոյտի ժամանակ 1966-ին, Մելգոնեանի առաջին աշակերտական ջամբարն էր ինչպէս կը պատմէ ան։  Եւ 1974-ը ամուսնութեան տարեթիւն է մելգոնեանցի զոյգին՝ Տիգրան Ալթունի եւ Շնորհիկ Պահատուրեանի, որոնք կը հաստատուին Պոլիս` կազմելով իրենց ընտանիքը։ Կարգ ու կանոնը այս ընտանիքին համար եղած է կեանքի  օրէնք, քանզի բոլոր մելգոնեանցիները այդպէս դաստիարակուած են եւ ամենակարեւորը հայեցի դաստիարակութիւնն  ու ոգին է։

Տիկին Շնորհիկ թէ հօր, թէ մօր կողմէն հաճնցի արմատներ ունի, 1921-ին ֆրանսացիները  Կիլիկիայէն քաշուելով խումբ մը հայ ընտանիքներ  փոխադրած են  Կիպրոս։ Կիպրոսի մէջ մեծ դժուարութեամբ սկսած են հիմնել իրենց  կեանքը։ Հայ գաղթականները Լէֆկայի մէջ հաստատուած են  եւ այնտեղ ծնած է Շնորհիկ Պահատուրեան։ Լէֆկայի Պղինձի հանքերուն մէջ աշխատած են հայ գաղթականները։

1955 թուականի թուրք-յունական հարցերուն իրենց տան տակը , ջուրի խողովակին մէջ ռումբ մը կը զետեղեն, ու տան մէկ մասը կը քանդուի, եւ այդ պատճառով անոնք կը լքեն տուն ու տեղ, կը փոխադրուին Նիկոսիա։  1963-ին Կիպրոս ալ կը սկսին հարցերը եւ անոնք կրկին թողնելով տուն ու տեղ կ՛անցնին յունական կողմը։ Անոնք քանի մը օրեր կ՛ապաստանին Մելգոնեանի մէջ մինչեւ յարմար տուն մը  վարձելը. ամէն հայու ճակատագրին պէս՝ ինչպէս կը պատմէ մեր հիւրը։

Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն

Տիկին Շնորհիկ հնարաւորութիւն ունենալով հանդերձ ապրելու  Կիպրոս, Ամերիկա կամ Պոլիս տարին քանի մը անգամ պարբերաբար կու գայ Հայաստան, այստեղ հիմնած է տուն տեղ եւս․

«Երբոր կու գամ հայրենիք տարբեր թեթեւցած ու հանգիստ կը զգամ։ Կարծես երբոր ոտքերնիս  հայրենի հողին վրայ է, ամէն ինչ կը փոխուի։ Եթէ պայմանները ներեն, կ՛ուզեմ Հայաստան գալ եւ հաստատուիլ, հոս ըլլալով ներդրում ընել, օգտակար ըլլալ եւ քիչ մը թեթեւնալ՝  հայրենիքին պարտք մը վճարած ըլլալու ուրախութեամբ»։

Back to top button