ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 27, 2020

Հայաստանի հարաւային սահմանի ուղղութեամբ թշնամին կը շարունակէ կրակել․ կան վիրաւորներ: Այսօր առաւօտեան հերթական անգամ խախտելով հրադադարի կարգը, ատրպէյճանական կողմը անօդաչուներով (որոնցմէ մէկը ինկած է ՀՀ տարածքին մէջ) և հրթիռա-հրետանային միջոցներով հրետակոծած է ՀՀ հարաւային սահմանի Իրանի հետ հատման կէտի հայկական սահմանապահ ուղեկալի դիրքերը:

Արձանագրելով հրադադարի հերթական խախտումը և ՀՀ պետական սահմանի հրետակոծութիւնը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ ստիպուած է պատասխան հարուածներ հասցնելու ատրպէյճանական ուժերու ուղղութեամբ:

Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան կը յայտնէ , որ Ատրպէյճանական մամուլը արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Ջալալ Հարութիւնեանի մասին կեղծ տեղեկութիւն կը տարածէ, որ իբրև ան զոհուած է։ Ան նշեց, որ Հարութիւնեանի կեանքին վտանգ չսպառնար, եւ մարտական դիրքերէն մեկուն վրայ անոր ստացած վիրաւորումը բարեբախտաբար ծանր չէ, ու շատ շուտով ան կը վերադառնայ բանակի շարքեր։ Այդ ծանր պարտականութիւններու կատարումը նախագահ Արայիկ Հարութիւնեանը վստահած է զօրավար Միքայէլ Արզումանեանին։ Արցախի նորանշանակ Պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Արզումանեանը խոստացած է առաւելագոյնը կատարել ժողովուրդի ակնկալիքները արդարացնելու համար։

Back to top button