ԿարևորՀասարակություն

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 12, 2020

Առաջնագիծի տարբեր ուղղութիւններով թշնամիին  յառաջապահ ստորաբաժանումները կրկին անցած  են նախայարձակ գործողութիւններու: Այս մասին յայտնեց  Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան՝ աւելցնելով , որ պաշտպանութեան բանակը զանոնք կասեցնելու համար համարժէք քայլեր  կիրականացնէ:

Վստահենք մեր բանակին, մենք անկասկած #յաղթելուենք, գրած է Հայաստանի  Պաշտպանութեան Նախարարութեան  ներկայացուցիչ՝ Արծրուն Յովհաննիսեանը անգամ մը եւս  անդրադառնալով  այն հարցին, որ պատերազմի այս հանգրուանին տեղին չէ յստակ դիրքեր, բնագիծեր, նոյնիսկ բնակավայրեր նշելը:

Back to top button