Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 29 Ապրիլ. 2024

Տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ամերիկա երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին վերաբերող հարցեր: Հայաստան շուտով Թուրքիոյ կը փոխանցէ Անիի կամուրջի վերականգնման շուրջ իր մօտեցումները: Այս մասին յայտնեց Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայությունը։ Ապրիլ 28-ին կայացաւ արդէն աւանդական դարձած Երեւանի վազքի մրցումը, միջոցառման մասնակցած է մօտ 2000 վազորդ:

Back to top button