Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 30 Ապրիլ. 2024

Կառավարութեան մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Կիրանցի բնակիչներուն հետ: կիրանցիները բարձրաձայնած են իրենց յուզող բոլոր հարցերու մասին: Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով պիտի հանդիպին Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ։ Այս մասին յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Պատալեան։ Եւրոպական յանձնաժողովի Հարեւանութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով գլխաւոր տնօրէն Քօփմըն՝ Ապրիլ 30-էն Մայիս 4, Հայաստան կ՛այցելէ, ապա Վրաստան եւ Ատրպէյճան քննարկելու երկկողմ եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան առնչուող հարցեր․ կը յայտնեն Եւրամիութեան գրասենեակէն։

Back to top button