Ռադիոլուր
Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուար 14, 2022
Հայերու հանդէպ ատելութեան շարունակական արմատաւորումը մինչ օրս ալ Ատրպէյճանի մէջ պետական քաղաքականութիւն է․ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը՝ Պաքուի մէջ հակահայկակական ջարդերու 32-րդ տարելիցին առիթով։
Հայաստանի և Թուրքիոյ պատուիրակութիւնները ժամանած են Մոսկուա, որտեղ տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներուն առաջին հանդիպումը:
Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացի Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, Ռուբէն Ռուբինեանն է։
Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Յունուար 15-էն 20-ը աշխատանքային այցով պիտի գործուղուի Ուաշինկթըն։