ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 21, 2021

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփեց Յունիս 20-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկութեան նախնական արդիւնքները ։ Առաջատարն է՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, 53.92 տոկոսով: «Հայաստան» դաշինքը Ռոպերտ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ ստացած է ընտրողների 21.04%, «Պատիւ ունեմ» դաշինքը Արթիւր Վանեցեանի գլխաւորութեամբ ՝ 5.23% ձայները:

Այսօր ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Եռաբլուր` յարգանքի տուրք մատուցելու պատերազմի զոհերու յիշատակին։ Փաշինեան ծաղիկներ խոնարհեց պատերազմին զոհուածներու շիրիմներուն։

Հայաստանի քննչական կոմիտէն՝ 2021թ. Յունիս 20-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններու քուէարկութեան օրը ընտրական իրաւունքի իրականացման խոչընդոտելու յանցագործութեան դեպքերու վերաբերեալ, հաւագրած է՝ 87 նիւթ, ինչպէս նաեւ 2 քրէական գործ: Զէնքով տեղամասային կեդրոն մուտք գործելու բռնութիւն գործադրելու, կեղծ ընտրական քուէաթերթիկներ պատրաստելու հարցերով։

Back to top button