ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուար 3, 2022

2022-թուականի առաջին աշխատանքային օրը Երեւանի բնակիչները կ՛երթեւեկեն մաքուր փողոցներով։ Կեդրոն վարչական շրջանի փողոցները արդէն անցանելի են, չնայած չորս ժամ տեւած առատ ձիւնին , Փողոցները մշակուած են աղի եւ աւազի խառնուրդով:

2022 թ․Յուն․ 1-էն յետոյ ընտանիքին մէջ ծնած երրորդ եւ յաջորդ երեխաներուն պիտի տրամադրուի ամսական 50,000 դրամ աջակցութիւն՝ մինչեւ երեխայի 6 տարեկան դառնալը։

Անգլիական The Guardian պարբերականը հրապարակած է ուշագրաւ տեսանիւթ՝ ցոյց տալով, թե ինչպէս աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ճոխ հրավառութեամբ դիմաւորեցին Նոր Տարին: Պարբերականը նկատած է, որ քորոնայի սահմանափակումներուն պատճառով հրավառութիւնը դիտելու համար, սովորականին պէս, հազարաւոր մարդիկ չեն հաւաքուած:

Back to top button