ԿարևորՀասարակություն

Ճափոնական «Գանձերու Կղզին» շարժապատկերը ՝ հայերէնով

«Ռոսլին» հրատակչատունը հրապարակեց «Գանձերու Կղզին» արկածախնդրական շարժապատկերը առաջին անգամ հայերէնով ,  արդէն Vlume-ի մէջ է՝ նոր ինքնակառոյց հարթակին, որ աշխարհի չորս ծագերուն հայերէն խօսող հաւաքականութեան համար է։ Անիկա արդէն կը պարունակէ  թուայնացած մեծաթիւ գիրքեր եւ հազարաւոր ժամեր՝ ձայնային գիրքերու ու այժմ՝ «Գանձերու Կղզին» ֆիլմաշարը։ Ուր ալ գտնուիք՝ Պուէնոս Այրես թէ Նիկոսիա, Նիւ Ճըրզի թէ Փարիզ, Կլենտէյլ թէ Երեւան, անիկա կ՛ապահովէ աննախադէպ համայնքային զգացում, հրաշալի գրականութիւն եւ բացառիկ մաքրութեամբ ձայնային բովանդակութիւն։

Ճափոնական ընկերութեան կողմէ շարժապատկերի վերածուած «Գանձերու Կղզին»ին կը բաղկանայ 26 դրուագներէ, ամէն Ուրբաթ նոր դրուագ մը կրնաք գտնել Vlume յաւելուածին ընդմէջէն։ Հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայերէն խօսող «Գանձերու Կղզին» արկածախնդրական շարժապատկերի ֆիլմաշարը, որ արտադրութիւնն է Օսամու Տեզակիի։ Այս նախաձեռնութիւնը՝ 21-րդ դարու սփիւռքի ոգիին հարազատ, հայերէնի երկու ճիւղերուն՝ արեւմտահայերէնին եւ արեւելահայերէնին գրեթէ հաւասար տեղ կու տայ։ Շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան՝ այսօր աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայ պատանիները կրնան Ճիմ Հոքինզի հետ եօթը ծովերը նաւարկել՝ թաղուած գանձի փնտռտուքին մասնակցելու։ Շարժապատկերի իւրայատկութիւններուն մասին կը խօսի արտադրութեան ղեկավար Պերճուհի Աւետեանը.

 «Այս գործի իւրայատկութիւնը այն է, որ Արեւելահայերէնն ու Արեւմտահայերէնը կը հնչեն միասնաբար , մեր իրականութիւնն ու հարստութիւնը հայերէն լեզուի երկու ճիւղերով պարզ ու զուլալ կը ներկայացուին»։

Հերոսները իրենց տեղական խօսելաձեւով կը գործեն հոն, իրենց հնչելաձեւով եւ ոճով, քաջալերելով մեր մատղաշ սերունդը, որ միաձուլուի հայերէնի ճիւղերուն մէջ։

Յատկապէս համաճարակի այս օրերուն, երբ բոլորս մեր տուներուն մէջ փակուած ենք, մեր մատղաշ սերունդին համար բարձրորակ զբաղում մը գտնելը, որ ընտիր հայերէնով կը բարբառէ, մեծ անհրաժեշտութիւն է։

Ծովային արկածներու «Գանձերու Կղզին» պատմութեան Արեւմտահայերէնի թարգմանիչն ու երգի մեներգողը հալէպահայ յայտնի գրող, Թորոս Թորանեանի թոռն է՝ Նանոր Միքայէլեանը։

«Իմ մանկութեան դիպաշարը իմ զաւակիս հետ կը դիտեմ ամէն Ուրբաթ , 26 դրուագներ երևի 6 ամսուան տեւողութեամբ մօտաւորապէս։ Այստեղ հաճելի զրոյց կայ , որ արժէ զաւակս դիտէ։ Հալէպի յայտնի թատերախումբերէն մասնակիցներ կան »։

Նանոր Միքայէլեան մէկուկէս տարի կ՛ընէ , որ տեղափոխուած է Հայաստան , Նոյը՝ միակ որդին, այստեղ դպրոց կը յաճախէ, իսկ Նանոր Երեւանի մէջ անգլերէն լեզու կը դասաւանդէ , նաև Vlume և «Ռոսլին» հրատարակչատան համար կ՛աշխատի որպէս թարգմանիչ։

 «Առաջին անգամն է, որ երկու լեզուները միասին կը հնչեն , այս դիպաշարը դիտողները պիտի ծանօթանան երկու լեզուներուն, ու տեսնեն, որ  ամէն մէկն ունի իր իւրայատկութիւնները»։

 Պատանի եւ երիտասարդ սերունդը հայերէնին կառչած պահելու գլխաւոր լուծումը կը կայանայ որակաւոր զբաղում ապահովելուն մէջ. զբաղում, որ ունի գրական լուրջ հիմք։    

Back to top button