ԿարևորՀասարակություն

Լիմ կղզիի հերոսամարտը․ ուսումնասիրած է Պետրոս Թովմասեան

Լիմը կղզի մըն է առանձնացած Վանայ լիճին մէջ , որը հեռու էր Օսմանեան կայսրութեան աչքերէն։ 1915 թ․ Վերին Թիմարի 12 գիւղերու բնակիչներ կ՛ապաստանին Լիմի մէջ։ Թշնամիին դիմադրելով` մօտ 14․000 հայութիւն կ՛ապաստանին Լիմ կղզիի մէջ 28 օր, հոն տեղի կ՛ունենայ հերոսամարտ մը , անոնք կը փրկուին , երբ ռուսական բանակը կը յառաջանայ, օսմանեան բանակը կը հեռանայ եւ անոնք կը փրկուին, եւ այդ պաշարուած վիճակէն կը դառնան իրենց գիւղերը։

Բացառիկ հարցազրոյցի մեր հիւրն է «Վանայ լիճի Լիմ կղզին եւ վանքը պատմութեան քառուղիներուն» գիրքի հեղինակ`  Պետրոս Թովմասեանը`  իրաքահայ պատմաբան, բանասէր, հետազօտող ու ճարտարապետ։ Ան նաեւ հայոց պատմութեան դասախօս է։ Վասպուրականցի է հօր կողմէն , հայրը՝ Թիմար գաւառի Փիր Ղարիպ գիւղէն եղած է  եւ գիրքը նուիրուած է հօր յիշատակին։ Սա հեղինակի 8-րդ գիրքն է։

Այս գիրքը կ՛անդրադառնայ ՝ Վանայ լիճի կղզիին , որը հայ ժողովուրդի կարեւոր հաւատքի եւ մշակոյթի կեդրոններէն մէկուն՝  ամփոփ կենսագրութիւնն է,  4-րդ դարուն Ս․ Գրիգոր  Լուսաւորիչի օրով եւ ծաղկունքի օրերը  Ներսէս Մոկացի ու Ստեփանոս Շատախցի վարդապետներուն ժամանակ 17-րդ դարուն։ Անոնք Լիմի մէջ կը հիմնեն դպրոց մը եւ մեծ թիւով գիրքեր, ձեռագիրներ կը գրուին այնտեղ։

Լիմը եղած է հայ ազատագրական պայքարի կարեւոր կեդրոն մը, ուր ապաստան գտած են բազմաթիւ հայեր, նաեւ ճանչցուած է  «Լիմ անապատը». մեր հաւատքի կեդրոնները կը կոչուէին անապատ, մենաստան, միաբանութիւն, ուխտ։  Նոյնը կարելի է ըսել Կտուց կղզիի մասին։ Ամենախոշոր կղզին Լիմ կղզին է, որը կը համարուի Վասպուրականի կարեւոր կեդրոններէն մէկը։

1722 թուականի Գարնան տեղի կ՛ուենայ  Լիմի գաղտնի ժողովը, Լիմի Ս․ Գէորգ եկեղեցիին մէջ ժողովի նպատակն էր արեւմտահայութիւնը պատրաստել զէնքի ուժով ապստամբելու եւ միանալու Արեւելեան Հայաստանի մէջ բռնկած զինուած ապստամբութեան։ Յիշեալ ժամանակներուն Դաւիթ-Բէկ սկսած էր զօրահաւաքը եւ ռազմական պատրաստութիւնները Սիւնիքի մէջ։

Լիմի վրայ մինչեւ օրս կը պահպանուի Լիմ անապատի համալիրէն գաւիթը եւ գլխաւոր Ս․ Գէորգ եկեղեցիէն հիւսիս-արեւմտեան մասը, ինչպէս եւ բազմաթիւ գերեզմաններ ու խաչքարեր։

Թովմասեանի  փափաքն է ՝ Լիմ անունը պահպանել մեր աղջիկ զաւակները կոչելով Լիմ կամ Լիմուհի։ 

Back to top button