ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբեր 6, 2021

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է․ որ Դեկտեմբեր 5-ին ժամը 21:20-ի սահմաններուն Պաշտպանութեան Բանակի զորամասերէն մեկուն մէջ, չպարզուած հանգամանքներու մէջ հրազէնային մահացու վիրաւորում ստացած է ժամկէտային զինծառայող 2002 թ. ծնեալ Գոռ Էդուարդի Մարտիրոսեանը։ Դէպքի մանրամանսերը պարզելու համար քննություն կը կատարուի :

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմինների ընտրություններուն՝ նշելով, որ երբ քաղաքացին տեր է եւ որոշող, մեր վաղեմի երազանքը ի կատար ածուած է: Հայաստանի տարբեր մարզերու 36 համայնքներուն մէջ Դեկտեմբեր 5-ին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ:

Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան Ռուսաստանի արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարար Տենիս Մանտուրովի հետ քննարկած է երկու երկիրներու երկաթուղային համակարգերը միացնելու, Հայաստանի մէջ համատեղ արտադրութիւններ սկսելու կարելիութիւնները։

Back to top button