ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 5, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր կը ժամանէ Երեւան: Վաղը նախատեսուած են հանդիպումներ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ: Մայիս 10-11-ին Լաւրով աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Պաքու: Բանակցութիւններու առաջնային թեման պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ համաձայնագիրներու իրականացումը: «Առաջնահերթ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020-ի Նոյ․ 9-ի եւ 2021-ի Յուն․ 11-ի յայտարարութիւններու իրականացման գործնական ուղղութիւններուն», — ըսած է Մարիա Զախարովան:

Պաքուէն Երեւան հասան 3 հայ ռազմագերիներ՝ Ռոպերթ Վարդանեան, Սամուէլ Շուխեան եւ Սէյրան Թամրազեան, զանոնք տեղափոխող օդանաւը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանը: Անոնք ուղղակի տարուեցան հիւանդանոց՝ քննութեան։ Հայաստանի փոխ վարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն հաղորդեցին, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներուն ջանքերուն իբրեւ արդիւնք եւ միջազգային հանրութեան օրէ օր աւելցող ճնշման պայմաններուն մէջ, Ատրպէյճան վերադարձուց երեք հայ ռազմագերիները: «Յոյս ունինք, որ այս գործընթացը կ՛ունենայ իր տրամաբանական շարունակութիւնը եւ շուտափոյթ աւարտը», յայտնեցին գրասենեակէն։ Հայկական կողմին տուեալներով` Ատրպէյճանի մէջ տակաւին կան շուրջ 200 հայ ռազմագերիներ ու քաղաքացիներ։

Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան միջոցները յաջողած են խոցել քանի մը իսրայէլեան հռթիրներ , որոնք յարձակած են Լաթաքիոյ վրայ: Այսօր հաղորդեց սուրիական բանակը։ Ըստ լրատուական աղբիւրներուն ՝ հարուածներէն մէկուն արդիւնքով սպաննուած Է խաղաղ բնակիչ մը եւ վեցը վիրաւորուած : Պայթումներ լսուած են սուրիական Լաթաքիա քաղաքէն ոչ հեռու՝ Միջերկրական ծովու ափին։

Back to top button