ԿարևորՀասարակություն

Կոչ՝ հայ գերիներու ազատութեան․ BRITISH ARMENIAN խմբակցութեան զրոյցը Լոնտոնէն

Անգլիոյ մէջ խումբ մը արհեստավարժ հայ եւ օտար անհատներ հիմնած են BRITISH ARMENIAN մարդասիրական խմբակցութիւնը,  որոնք կ՛աշխատին հայ գերիներու ազատագրութեան համար, որպէսզի մարդկային իրաւունքներու խախտումները շեշտուին եւ արձագանգուին Անգլիոյ եւ միաջազգային կառոյցներուն առաջ։

Հայաստանի Հանրային Ռատիոյի մեր զրուցակիցը՝  խմբակցութեան անդամ , նախկին արժանթինահայ, այժմ լոնտոնաբնակ Մարիանա Մաթէոսեանն է, որ մասնագիտութեամբ բանասէր եւ թարգմանիչ է, ան իրաւաբանական եւ բժշկական թարգամանութիւն կը դասաւանդէ զանազան բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններու մէջ։

Մեր հիւրը յայտնեց, որ 2020 Հոկտեմբերին սկսած են ստորագրահաւաք մը Արցախի պատերազմին հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու  ազատագրութեան համար, անոնց մէջ ըլլալով երկու լիբանանահայերը Մարալն ու Վիգէնը, որոնք առ այսօր կը գտնուին Ատրպէյճանական բանտին մէջ։

«Լիբանանի կառավարութեան միջնորդութեամբ Միջազգային Կարմիր խաչը այցելած է  Մարալ Նաճարեանին եւ տեղեկութիւն ունին, որ անոնց վիճակը բաւարար է»,-ըսաւ Մարիանան։ Ան նաեւ աւելցուց, որ իրենց յաջորդ  քայլը պիտի ըլլայ հայկական  պատմամշակութային կոթողներու պահպանման ի խնդիր աշխատանքները։

Խմբակցութիւնը արդէն հաւաքած է 15 հազարէն աւելի ատորագրութիւն նաեւ պատրաստած է կից նամակ մը: Անոնք կը գործակցին Մեծ Պրիթանիոյ խորհրդարանին հետ, միջազգային մարդու իրաւունքի պաշտպաններուն նաեւ սերտ կապեր ունին Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան հետ։ Նամակը պիտի ուղարկուի Մինսքի համնախագահներուն, Եվրախորհրդարանի եւ ՄԱԿ-ի պատասխանատուներուն։

«Անգլիոյ հայ համայնքը Արցախի պատերազմի օրերուն ցոյցերով եւ կոչերով հանդէս եկաւ դադրեցնելու պատերազմը Արցախի մէջ»,-նշեց զրուցակիցս։

Մեծ Պրիթանիոյ Արտաքին գործոց փոխ նախարար Ուէնտի Մորթըն այցելեց Կովկասեան երեք պետութիւնները։ Փետր․ 17, 2021-ին ժամանեց Երեւան առաջին անգամ ըլլալով։ Անգլիոյ նոր դեսպանատան վերաբացման առիթով։ Մարիանան նշեց, որ թէեւ Անգլիան իր շահերը ունի Ատրպէյճանի հետ, մենք իմանալով այդ բոլորը սակայն․ «Կը շարունակենք մեր պայքարը , որքան որ շունչ ունինք եւ հայ ենք,  պէտք է շարունակենք մեր պայքարը»։

Մարիանա Մաթէոսեան կոչ ուղղեց Հանրային ռատիոյէն հայ եւ օտար հասարակութեան, որպէսզի միանան ստորագրահաւաքին։ Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններու համար այցելել․  [email protected]

Back to top button