
Տիկին Ծովակ Գանթարճեան-Օհանեան Հալէպէն Երեւան տեղափոխուած է տասնչորս տարի առաջ։ Ան ունի ասեղնագործութեան ժողովրդական վարպետի կոչում։ Հայաստանի մէջ տիկին Ծովակ պետական մակարդակով գնահատուած է՝ ստանալով նաեւ հերոսի կոչում. ան իր ասպարէզը մեծ սիրով կը ծաւալէ այժմ երկրին մէջ։ Ան Հալէպէն Երեւան հասցուցած է Կիլիկիոյ ասեղնագործութիւնը՝ Մարաշի, Ուրֆայի, Այնթապի, Վանի, Սվազի եւ այլ տարածաշրջաններու ձեռագործները։


Ծովակ Գանթարճեան-Օհանեան անհատական ցուցահանդէսներով ներկայացած է հանրութեան։ «Ասեղնագործութիւնը մենք սորված ենք մեր տատիկներէն»,- կը նշէ ան։ Հալէպի մէջ նախընտրած են մեծ ծածկոցներ ու սփռոցներ աշխատիլ, իսկ Հայաստանի մէջ այդ շուկան չկայ, սակայն աշակերտները սկսած են գործել, որովհետեւ արուեստը տարածում գտաւ այստեղ. «Ուրեմն արդէն յաղթահարած ենք ասեղնագործութեան ոլորտը»,- վստահօրէն կ՛ըսէ մեր հիւրը։ Ըստ տիկին Ծովակի՝ ասեղնագործութեան ժառանգութիւնը ապահովուած է։
«Ամէնէն շատ պահանջուածը Մարաշի գործն է, որովհետեւ Հալէպի մէջ գոց գոյնի թելերով աշխատած ենք, իսկ այստեղ զարգացուցինք աւելի բաց գոյներով եւ նոյնիսկ մետաքսի վրայ գործած ենք։ Պահանջարկ ունինք նաեւ արտաքին շուկայէն»։ Գալով օժիտին՝ ան կը հաստատէ, որ ատիկա ազնիւ ու կարգապահ մարդու գործ է, եւ օժիտը աղջկայ մը շնորհքը ցոյց կու տայ։ Հալէպի մէջ աղջիկները իրենք կը պատրաստէին իրենց օժիտը։ Իւրաքանչիւր ասեղնագործութիւն իր պատմութիւնն ունի. այսպէս եզրափակեց իր խօսքը ասեղնագործութեան ժողովրդական վարպետ տիկին Ծովակ Գանթարճեան-Օհանեան։




