
Արազ Կոստանեան-Խնկիկեանը մասնագիտութեամբ մանկական հոգեբան է, ան 15 տարի առաջ տեղափոխուած է Երեւան։ Հալէպէն սկսեալ այս եղած էր Արազին երազանքը։ Չնայած Հալէպի մշակոյթին մէջ հոգեբանը «խենթի տոքթոր» կը նկատուէր, սակայն անոր ամուսինը քաջալերած էր անոր, որպէսզի ուսանի իր սիրած ճիւղը։ Մանկական հոգեբանութիւնը աւելի հարազատ էր Արազին, քանի որ արդէն ունէր երկու մանչ։
Հալէպի մէջ երախաները ուսուցիչներուն «օրիորդ» կը կանչէին։ «Աբիկը մանկապարտէզէն տուն եկաւ եւ ըսաւ՝ ուսուցչուհին ըսաւ թէ՝ հաճիս ինծի օրիորդ մի ըսեր»,- կը պատմէ Արազ,- «Այստեղ երախան ազատ ժամանակ ունի ինքզինք յայտնաբերելու, երազանքները իրականացնելու համար»։
Արազ որպէս հոգեբան մաս կը կազմէ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագիրին։ Ան վարժանքներու միջոցով դպրոցական ծրագիրներ կը պատրաստէ։ Արազին կրնան դիմել թէ՛ դպրոցներէն ներս եւ թէ՛ դպրոցներէն դուրս գտնուող այն մարդիկ, ովքեր ունին խնդիրներ, որոնք կը խանգարեն իրենց երախայի բնականոն զարգացումը։
«Մեր ծնողները աւելի քիչ ներգրաւուած էին երախայի կեանքին մէջ, իսկ հիմա ծնողները աւելի ներգրաւուած են եւ աւելի տեղեկացուած իրենց երախայի մասին»։
Խօսելով արեւմտահայերէնի մասին՝ Արազ հետամուտ է լեզուի պահպանութեան. «Արեւմտահայերէնը պահպանելը մեր պարտականութիւնն է»,- կ՛ըսէ ան։ Չնայած Արազն ալ սկսած է «յոյզեր»-ը «հույզեր» գրել՝ ինչպէս արեւելահայերը։ Ան շուտով կը պատրաստէ «Զայրոյթը եւ ես» խորագրով իր երկրորդ գիրքը։ «Մենք յոյզերը կառավարել կը սորվինք առաջին հերթին մեր ծնողներէն։ Ծնողքին եւ երախային համագործակցութեամբ կարող ենք յաղթահարել հարցերը»,— կ՛ըսէ ան։
«Սուրիան մեզի համար շատ հարազատ է, սակայն մեզի համար դժուար է ետ վերադառնալը, մենք ընտրեցինք այստեղ մնալը։ Ամէն տեղ թերութիւն ունի։ Շատ սահուն եղաւ անցումը այստեղ ապրելու։ Այստեղ մարդիկ պարզ են ու ազատ, հանգիստ կ՛արտայայտուին ինչպէս կ՛ուզեն»։




