
Ալէն Շխրտմեան մասնագիտութեամբ վիրաբոյժ-ատամնաբոյժ է։ Ան 18 տարեկանին եկած է Հայաստան որպէս ուսանող եւ որոշած է մնալ այստեղ։ Ան կը խոստովանի, թէ հօրմէն ժառանգած է այս մասնագիտութիւնը։ Հայրը՝ Նելսոն Շխրտմեանը, որ նոյնպէս ատամնաբոյժ է եւ այժմ Պէյրութ կը բնակի, ժամանակին նոյնպէս ուսանած է Հայաստան։
««Բաթաթես ֆրայզ» ուզած էի, չհասկցան, յետոյ գիտցայ որ «քարթոշկա»-ն է»։ Ալէն կը պատմէ Պէյրութի եւ Երեւանի միջեւ եղած տարբերութիւններուն մասին եւ բաղդատական մը ընելով կ՛ըսէ, թէ հիմնական տարբերութիւնը մտածելակերպի տարբերութիւնն է։
«Մենք ստիպուած եւ ինքնաբերաբար սորվեցանք ռուսերէն լեզուն, իսկ ռուսերն ու հնդիկներն ալ հայերէն սորվեցան»։ Ալէն իր առօրեային մէջ կը գործածէ զոյգ լեզուները՝ թէ՛ արեւելահայերէնը եւ թէ՛ արեւմտահայերէնը։ «Կ՛ուրախանան, երբոր խօսինք արեւմտահայերէն, եւ մտիկ կ՛ընեն»։
Բժշկական լուծումներու համար Ալէն յաճախ կը զանգէ Պէյրութ։ Միշտ պապային կարծիքը կ՛առնէ ան․ երբեմն ալ միասին կը կատարեն բարդ վիրահատութիւններ, ինչպէս ինք կը պատմէ անկեղծօրէն։
Ալէն իր ինքնութիւնը կերտած է Հայաստանի մէջ։ Ժողովուրդը սկսած է ընդունիլ սփիւռքի հայերը։ Ինչպէս ինք կ՛ըսէ՝ հիմա շատ բան փոխուած է, անոր բուժառուները հիմնականին մէջ Միջին Արեւելքէն եկողներն են։ «Հիմա ժողովուրդը սկսած է վարժուիլ․ 12 տարի առաջուան եւ հիմակուան միջեւ լեռներ ու ձորերու տարբերութիւն կայ», կ՛ըսէ Ալէն Շխրտմեան։




