Հայրենադարձի արկածները

Ժանօ Մանճիկեան Սեւանայ լիճով փոխարինած է ծովու բացակայութիւնը Հայաստանի մէջ. «Հայրենադարձի արկածները»

Ժանօ Մանճիկեանը տասը տարի առաջ եկած է Հայաստան եւ որոշած է մնալ այստեղ։ Այս միջոցին ան պաշտպանած է իր մագիստրոսական թէզը։

«Հայաստանի մէջ ենք, հետեւաբար հայերէնով պէտք է պաշտպանէի թէզս, թէեւ ուսումս անգլերէն եւ արաբերէն էր», – կ՚ըսէ ան։

Մասնագիտական տեսանկիւնէն՝ «անթենա» թէ «ալիքահաւաք-ցրիչ», ան կրցած է յաղթահարել լեզուական դժուարութիւնները։ Ժանօն դասախօսներուն համար Յովհաննէս էր. մասնագիտութիւնը՝ աւիատիեզերական սարքաշինութիւն։ Ան ձգտում ունի դեռ շարունակելու ուսումը. այժմ ան կ՚աշխատի Երեւանի Ինժեներական քաղաքին մէջ։

Ժանօ Մանճիկեան իր մանկութիւնը անցուցած է Լաթաքիոյ եւ Քեսապի ծովափերուն։ Ժանօն բնութեան սիրահար մըն է. ան Սեւանայ լիճով փոխարինած է ծովու բացակայութիւնը Հայաստանի մէջ։

«Այս օրերուն կապերը շատ են եւ աշխոյժ. «Ամէն բան կրնանք Հայաստանէն ընել՝ աշխատիլ եւ արտահանել», – կ՚ըսէ Ժանօն։

Լաւ մասնագէտներ եւ յուսալի սերունդ կայ Հայաստանի մէջ, ինչպէս ինք կ՚ըսէ.

«Եթէ ինչ-որ բան դանդաղ ընթացք ունի, մենք մեր ներդրումով, համախմբուելով կրնանք առաջ տանիլ. պատճառաբանութիւններ չփնտռենք, փորձենք լուծումներ գտնել։ Զարգացումները արագ են. եթէ քայլ չպահենք՝ ետ կը մնանք. բոլորս արագ պիտի շարժինք։ Այսօր կեանքը բաց է, ամէն ինչ կրնանք տեսնել, նորութիւնները առաջ կ՚երթան. ոլորտին զուգահեռ արագ ընթանալ պէտք է, ուր որ լաւ է՝ սորվինք եւ կիրառենք»։

Կարդացեք նաև

Back to top button