Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 24, 2021
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 26-ին պիտի մասնակցի Սոչիի մէջ կայանալիք եռակողմ հանդիպման: Կը տեղեկացնէ կառավարութիւնը: Նախապէս պաշտօնական Քրեմլին տեղեկացուց այդ մասին, թէ Նոյեմբեր 26-ին Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենան եռակողմ բանակցութիւններ։
Հաղորդագրության համաձայն՝ բացի եռակողմ հանդիպումէն , Ռուսաստանի նախագահը Սոչիի մէջ նաեւ առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ:
Փարիզի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր համաժողովի 41-րդ նստաշրջանին Հայաստանի կողմէն ներկայացված Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի մահուան 850-ամեակի եւ Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի հիմնադրութեան 100-ամեակը ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդկանց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու հոբելեաններու օրացոյցի 2022-2023թ. երկամեակի համար։