Հայաստանի հանրապետութեան սահմանամերձ համայնքները պետութենէն աւելի շատ գումար պիտի ստանան․ կառավարութիւնը ընդունեց նախագիծը։ Աւելցուած է նաեւ համայնքային մանկապարտէզներու աջակցութիւնը։
Հայաստանի մէջ պետական աջակցութեամբ իրականացուող «Անպտղութեան յաղթահարման ծրագիր»ին դիմած` 44 օրեայ պատերազմին զոհուած, պատերազմին պատճառով մահացած զինուորներու, կամաւորներու մայրերէն երկուքը արդէն զաւակ ունեցած են: Նախարար Աւանէսեանը նշեց, որ այս ուղղութեամբ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը կ՛ընդլայնի:
Հայկական «Flyone Armenia» ընկերութիւնը Երեւան-Ստամպուլ-Երեւան ուղղութեամբ թռիչքներ պիտի իրականացնէ, առաջին թռիչքը նախատեսուած է ՝ Փետրուար 2-ին: Յայտնեց «Flyone Armenia» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան: