Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 25 Մայիս. 2023

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանին հետ աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա կը գտնուի: 25 Մայիսին վարչապետը կը մասնակցի Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհրդի հերթական նիստին: Տեղի պիտի ունենայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Նախատեսուած է նաեւ եռակողմ հանդիպում մը՝ Հայաստանի վարչապետին , Ռուսաստանի նախագահին եւ Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ։ Կարեւոր չէ՝ Ուաշիկթընի մէջ, կամ Պրիւքսէլի:

Կարեւորը այն է, որ կողմերը շարունակեն խօսիլ իրար հետ ։ Մենք կ՛աջակցինք այդ բանակցութիւններու կազմակերպման »,-ըսած է Ամերիկայի պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Մեթիու Միլլըր անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն` Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպումին: Հայաստանի մէջ Պարեկային ծառայութեան կանանց ընդունելութեան համար դիմորդներու հետ հանդիպում-քննարկումներ տեղի կ՛ունենան Ներքին։ Պարեկային ծառայութեան շարքերը անցնելու նպատակով՝ եղած է 532 դիմում։

Back to top button