ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 28 Մարտ. 2023

Ամերիկայի պետական քարտուղարութիւնը լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ընթացքին տեղեկացուց, որ Ուաշինկթըն մտահոգութիւն յայտնած է Պաքուին՝ ատրպէյճանի ռազմական վերջին տեղաշարժերուն առիթով: Պատասխանելով լրագրողի հարցումին ՝ Վետանթ Փաթել շեշտած է, թէ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի, եւ իրենք պիտի շարունակեն նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քննարկումներուն։

28 մարտին Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ սկսած են Հայաստանի Զինուած ուժերու ղեկավար կազմին հետ կատարուող եռօրեայ հաւաքները։ Առաջին օրը մասնակիցներուն ողջունեց Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան։ Նախարարը կարեւոր նկատեց զօրքերու մարտունակութեան շարունակական բարձրացումը, առաջնագիծի կահաւորման եւ ամրաշինական աշխատանքներու իրականացումը։

Համահայկական երիտասարդական ֆութպոլի միութեան ջանքերով տարբեր երկիրներէն 6 պատանի ֆութպոլիստներ Հայաստան պիտի գան։ «Արտերկրի մէջ ապրող մեր տասնեակ հայրենակից պատանիներ կ՛երազեն իրենց աւանդը ունենալ հայկական ֆութպոլի զարգացման գործին », ըսածէ Յակոբ Արշակեան Լոս Անճելըսի մէջ:

Back to top button