ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 17 Մարտ. 2023

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը մատնանշեց, որ 16 Մարտին, Թրքական պետութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթին մէջ՝ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը միտուած է խաթարելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը։

Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան-Սուրիա քառակողմ հանդիպումը չեղարկուած է։ Մոսկուայի մէջ «Sputnik» գործակալութեան հետ զրոյցին՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին հետ կը հանդիպի, եթէ Թուրքիան դուրս գայ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածէն ամբողջութեամբ։

Սէուտեան Արաբիոյ եւ Իրանի կողմէն Չինաստանի միջնորդութեամբ յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ համաձայնութիւններու ձեռքբերումը լրջօրէն կը փոխէ ռազմավարական իրադրութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Ըսած է Ամերիկայի նախկին պետական քարտուղար Հենրի Քիսինճըր The Washington Post-ին տուած հարցազրոյցին։

Back to top button