Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 28. 2022

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը սահմանային իրավիճակը ներկացուց․ ժամը 08:00-ի դրութեամբ, իրադրութիւնը սահմանին յարաբերական կայուն է: Բայց երէկ հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան հատուածին ատրպէյճան կրկին կրակած է, ըստ հաղորդագրութեան, ժամը 21:00-23:30, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակած են սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի:

Ատրպէյճան խնդրած է Արցախի մէջ առաքելութիւն կատարող ռուս խաղաղապահներէն, որպէսզի չօգտագործեն «Լեռնային Ղարաբաղ» անուանումը։ Այս մասին Twitter-ի մէջ գրած է Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան՝ նշելով , որ Ատրպէյճան պէտք է յիշէ, որ 2 տարի առաջ իրենց նախագահը՝ Ալիեւ , ստորագրեց եռակողմ հրադադարի պայմանագիր մը, ուր 5 անգամ նշուած է «Լեռնային Ղարաբաղ» անուանումը։ «Այդ Ռուսաստանի օրինական հիմքն է՝ օգտագործելու Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը»,-գրած է Մարուքեան։

Պաքուի մէջ Ալիեւ ընդունեց Ղարաբաղի հարցով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գիծով յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքըրը: Կողմերը բարձր գնահատած են այն փաստը, որ Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն մեծ ուշադրության տակ կը պահէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը։

Back to top button