Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 24. 2022

Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ 23 Նոյեմբեր՝ ժամը 13:20-ի սահմաններուն, հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական մարտական դիրքին վրայ թշնամիի կրակոցէն զինծառայողը վիրաւորուած է:

Անոր կեանքին վտանգ չսպառնար: Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Վարչապետը նշեց , որ ոչ բոլոր հարցերուն յաջողուեցաւ հասնիլ փոխհամաձայնութեան, 17 որոշումներէն միայն 15-ը ընդունուեցաւ:

Վարչապետ Փաշինեան չստորագրեց ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հռչակագիրը: Այս մասին ան յայտնեց խորհուրդի նիստին՝ ելոյթի ժամանակ, վարչապետը մասնաւորապէս ըսաւ․

«Հայաստան առաջարկեց նաեւ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշմամբ արագցնել ատրպէյճանական կողմին հետ անհրաժեշտ քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքը՝ ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերուն անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերման իրենց սկզբնական դիրքեր՝ 2021 թ. Մայիսի 11-ի դրութեամբ»:

Back to top button