Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 22. 2022

Հայաստանի փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեան 23-25 Յունիսին պիտի մասնակցի Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր-Սուլթանի մէջ կայանալիք Եւրասիական զարգացման դրամատան խորհուրդի նիստին: Որոշումը ստորագրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մինսքի մէջ մասնակցեցաւ Եւրասիական միջ-կառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին եւ հանդէս եկաւ ելոյթով։ Վարչապետը կարեւոր համարեց ԵԱՏՄ երկիրներու պարենային անվտանգութեան ապահովումը՝ ժամանակակից տնտեսական մարտահրաւէրներու պարունակին մէջ։

Աշխատանքի և ընկերային հարցերու նախարարութեան «Գտի՛ր աշխատանք» հարթակին վրայ այս պահու դրութեամբ առկայ է 3,300 թափուր աշխատատեղ, կը յայտնեն գերատեսչութենէն:

Back to top button