Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 17, 2021

Աշխատանքային այցով Տուշանպէյի մէջ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-իրանական բազմակողմ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացումը, երկու երկիրներուն միջեւ բեռնափոխադրումներու անխափան կազմակերպումը։

Մոսկուան կ՛ակնկալ է, որ Պաքուն եւ Երեւանը արձագանքեն սահմանազատման հարցերու վերաբերեալ առաջարկներուն, յայտարարեց Մարիա Զախարովան:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը գանգատ ներկայացուց ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան ընդդէմ Ատրպէյճանի՝ Խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային պայմանագրի խախտման հիմքով:

Հայաստան նաեւ խնդրած է դատարանէն կիրառել շարք մը հրատապ միջոցներ, ինչպէս ՝ռազմավարի պուրակի փակումը եւ ռազմագերիներն ու պահուող քաղաքացիական անձերու վերադարձը:

Back to top button