ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յուլիս 27, 2021

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Յուլիս 26-ին՝ ժամը 22:26-ին , զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, մահացած է զինծառայող, 2002թ. ծնեալ Սարգիս Ժիրայրի Գրիգորեան: 19-տարեկան զինծառայողի մահուան դէպքի առիթով յարուցուած է քրէական գործ։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:

Ռուսական խաղաղապահ ուժերու միջամտութեամբ հայկական կողմին փոխանցուած է Արցախի մէջ Մարտունի շրջանի Մաճկալաշէն գիւղէն գերի առնուած բնակիչը`որը , անասուններու որոնման ընթացքին յայտնուած էր ատրպէյճանական Զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ։

Հայաստանի Իշխանութիւնը կը նախատեսէ 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողով ստեղծել։ «Որոշում կայացած է , որ քննիչ յանձնաժողով ստեղծուի 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքերն ուսումնասիրելու համար: Այդ հարցին մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան մասնակցութիւնը նոյնպես պէտք է ըլլայ եւ այդ յանձնաժողովի գործունէությունը պէտք չէ սահմանափակուի Ազգային ժողովին մէջ այսօր ներկայացուած ուժերով :»,- նշած է Ալէն Սիմոնեան:

Back to top button