ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յուլիս 26, 2021

Յուլիս 26-ին, ժամը 03:30-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Հայկական կողմէն տուժածներ չկան։ Յուլիս 26-ին, ժամը 11։30-էն սկսած, թշնամին հրադադարը խախտած է նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի Արարատ մարզի, մասնաւորապէս՝ Երասխի ուղղութեամբ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակելով հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Հայկական կողմը դիմած է հակազդող գործողութիւններու։

«Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս յետոյ արցախցիների բացառիկ կամքի եւ նուիրումի շնորհիւ՝ Արցախի մէջ շատ արագ իրականացաւ տեղահանուածներուն վերադարձը եւ այս պահուն Արցախի մէջ կ՛ապրի աւելի քան 120,000 հայ»։ Գրած է Արցախի մէջ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեան հակադարելով Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան թէ, Արցախի մէջ կ՛ապրի 25,000 հայ, եւ այդքան փոքրաթիւ բնակչութեան համար տրամաբանական չէ կարգավիճակի հարցի քննարկում՝ փաստացի խոստովանելով, որ Արցախի մէջ ապրող հայերն են որոշիչ դեր ունեցողը Արցախի կարգավիճակին համար։

Back to top button