ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 22, 2021

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ընտրական ցուցակը գլխաւորող Նիկոլ Փաշինեան Յունիս 22-ի առաւօտէն պատրաստ է խորհրդակցութիւններ սկսելու ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքական ուժերուն հետ, ան նաեւ՝ երկխօսութեան կոչ ըրաւ հոգեւոր առաջնորդներուն: Ան ընդգծեց, որ որեւէ կերպ կասկածի տակ չի դներ ժողովուրդի դիմաց իրենց քաղաքական ուժի ստանձնած պարտաւորութիւնը՝ գործադրելու պողպատէ իրաւագիրը եւ Հայաստանի մէջ հաստատելու իրաւունքի եւ օրենքի ուժը :

Եվրոպական միությունը կոչ կ՛ընէ Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերուն միաւորել ջանքերը եւ համատեղ աշխատիլ՝ արդիւնաւէտ կերպով յաղթահարելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: «Եվրոպական միութիւնը հաւատարիմ է Հայաստանի կայուն, ժողովրդավարական եւ բարեկեցիկ ապագայի կերտման գաղափարին: Եվրոպական միութիւնը պատրաստ է աւելի ամրապնդել Եվրամիութիւն-Հայաստան երկկողմ յարաբերութիւնները եւ աջակցիլ Հայաստանին»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

13 հայ ռազմագերիներուն շիծու գործով դատավարութիւնը Յուլիսի 1-ին է ։Պաքուի դատարանին մէջ երէկ՝ Յունիս 21-ին, տեղի ունեցաւ 8 շիրակցի եւս 13 ռազմագերիներուն հանդէպ յարուցուած շինծու քրէական գործի դատավարութիւնը: Շինծու քրէական գործերով կը մեղադրուին ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու մէջ։

Back to top button