ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 18, 2021

Այսօր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի վերջին՝ 11-րդ օրն է: Վաղը լռութեան օր է, որուն ընթացքին քարոզարշաւ արգիլուած է: Քաղաքական ուժերը այսօր վերջին առիթը ունին ներկայանալու ընտրողներուն: Յիշեցնենք, ընտրութիւններուն կը մասնակցի 25 ուժ՝ 21 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք:

Սահմանի ամրաշինական աշխատանքները կը շարունակուին եւ պաշտպանական նոր բնագիծեր կը ձեւաւորուին այն շրջաններուն մէջ, որոնք սահմանակից են Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք ատրպէյճանական զինուժի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն: Գետնի վրայ աշխատանքներ կը կատարուին, նաեւ՝ Վայոց ձորի սահմանին պաշտպանական նոր բնագիծեր ձեւաւորելու ուղղութեամբ։

Իրանի մէջ Յունիս 18-ին նախագահական ընտրութիւններ են: Առաւօտեան Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին ներկայ գտնուեցաւ Ներքին գործոց նախարարութեան ընտրատեղամաս եւ քուէարկեց։ Իրանի ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները յայտնի կը դառնան յաջորդ երկու օրուան ընթացքին:

Back to top button