ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 10, 2021

Ազգային ժողովի յատուկ նիստը մեկնարկեց Հայաստանի վարչապետ ընտրելու հարցով ՝ վարչապետի միակ թեկնածուն Նիկոլ Փաշինեանն է, որուն թեկնածութիւնը առաջարկեց «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: Եթէ այսօր ալ վարչապետ չընտրուի, ապա խորհրդարանը կը լուծարուի եւ կը նշանակուին արտահերթ ընտրութիւններ: Ապրիլի 25-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական ներկայացուց , հանրապետութեան նախագահը ընդունեց Կառավարութեան հրաժարականը: Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը կատարուին Յունիս 20-ին։

Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Ամերիկա այցի շրջածիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի հայ ճարտարագետներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան անդամներուն հետ` նախագահ Ռիչարտ Օհանեանի գլխաւորութեամբ: Ներկայացուած են ընկերակցութեան ծրագիրները, որոնք նպատակ ունին խոշոր ներդրումներ ունենալ Հայաստանի գիտահետազօտական ոլորտներուն մէջ։

Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ պաշտօնապէս մարզադաշտի վերաբացումը կատարուեցաւ: Ապա տեղի ունեցաւ ֆութպոլի վեթերաններու՝ Մարտունիի եւ Ճարտարի խումբերուն ընկերական խաղը, որը նուիրուած էր վերջին պատերազմի նահատակներուն, հայ ժողովրդի յաղթանակներուն։ «Մարզադաշտի վերաբացմամբ կ՛ուզենք ըսել, որ մենք ապրած ենք եւ ապրելու ենք մեր հողին վրայ»,-ըսաւ Մարտունիի շրջվարչակազմի ղեկավարը։

Back to top button