Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբերի 03, 2020

Հայ գերիներու հարցին վերաբերեալ ՝Հայաստանի եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանները կը ներկայացնեն,- «Աւարտեցինք էթնիկ հայ գերիներու եւ զոհուածներու մարմիններուն նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու դաժանութիւններու, վայրագութիւններու վերաբերեալ 5-րդ փակ զեկոյցը: Այն 5-րդն է միայն խոշտանգումներու եւ դաժանութիւններու հարցերով։ Որը կը վերաբերի Նոյեմբեր 19-էն Դեկտեմբեր 2 ինկած ժամանակահատուածին, իսկ մենք արդէն սկսած ենք 6-րդ զեկոյցի պատրաստման աշխատանքները:

Հայաստանի Կառավարութիւնը միանուագ դրամական աջակցութիւն կը տրամադրէ պատերազմական գործողություններու հետեւանքով քաղաքացիական անձերու շրջանին մէջ զոհերու ընտանիքներուն և հաշմանդամութիւն ձեռք բերած անձերուն։

Այս աջակցութեան ծրագիրէն կրնան օգտուիլ ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Արցախի քաղաքացիները: Առաջին խումբի հաշմանդամութիւն ունեցողներուն ` 3.000.000 ՀՀ դրամի չափով, միջոցառումէն օգտուելու համար պէտք է ներկայացնել ելեկտրոնային դիմում մինչեւ 2021 թուականի Ապրիլ 1-ը։

Այսօր՝ Դեկտ․ 3-ը հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու միջազգային օրն է: ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովը 1992-ին յատուկ բանաձեւով Դեկտ․ 3-ը հռչակեց հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու միջազգային օր և կոչ ըրաւ բոլոր պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն գործակցիլ և նշանաւորել օրը, որուն հիմնական խորհուրդը հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն ընդելուզումն է հասարակութեան մէջ: Խտրական վերաբերմունքի վերացումը անոնց նկատմամբ , աշխատանքի, առողջապահութեան, կրթութեան և հասարակութեան կեանքին լիարժէք մասնակցութեան իրաւունքներու ապահովումը։

Back to top button