Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբերի 25, 2020

Այսօր՝ նոյեմբերի 25-ին Ֆրանսայի Սենատը կը քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւը: Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծը քննարկելու պատրաստակամութեան մասին հաղորդեց ֆրանսացի քաղաքագէտ Պրունօ Ռետայոն՝ ֆրանսական խորհրդարանի վերին պալատի «Հանրապետականներ» խմբակցութեան ղեկավարը:

Ան գրած է իր թուիթըրին մէջ, «Նոյեմբերի 25-ին Սենատը կը քննարկէ բանաձեւի նախագիծը, որը կ՛առաջարկէ Ֆրանսային ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Միայն նման անկախութիւնը կրնայ երկար ժամանակով պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքներն ու ազատութիւնը,»,- գրած է ֆրանսացի քաղաքագէտը։

Այսօրուընէ Քարվաճառի շրջանն ամբողջութեամբ կ՛անցնի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Տարածքը՝ լքած են պայթեցնելով զօրանոցներն ու զորամասի այլ կառոյցները:

«Մենք այստեղ մնացինք ամբողջ պատերազմի ընթացքին և ոչինչ չենք տուած անոնց: Այժմ մինչեւ ատրպէյճանցիներուն դիրքերը ուղիղ գիծով 12 կմ է: Կը հեռանանք մեր առաջապահ դիրքերէն և կը պայթեցնենք զօրամասի մնացեալ կառոյցները, որպէսզի ատոնք ատրպէյճանցիներուն չմնան: Կ՛երթանք Հայաստան: Մեր զօրամասը վերջիններէն մէկն է»,-Ռիա Նովոսթիի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է զօրամասի հրամանատարութեան ներկայացուցիչը:

63 տարի առաջ այս օրը ծնած է Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութիւններու ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանը։ Այսօր` Մոնթէյի ծննդեան օրն է, ցաւօք, հայկական կողմի համար փակուեցան Քարվաճառի դարպասները` համաձայն նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմ համաձայնագրի։

Back to top button