Հայրենադարձի արկածները

Հայրենիքի կանչը տարբեր նշանակութիւն ունի. Արմէն Քէոշկէրեան. «Հայրենադարձի արկածները»

Արմէն Քէոշկէրեան կնոջ եւ երկու երիտասարդ տղոց հետ Հալէպէն մէկ տարի առաջ տեղափոխուած է Հայաստան վերջնական գալու նպատակով։ Եղբայր Արմէնին հետ առաջին դէպքը դեռ օդակայանէն կը սկսի, երբ մաքսատան պաշտօնեան կ՛ըսէ «պահի՛ր անձնագիրը»։ Արմէն զարմացած ՝ թէ «ինչ պահէր», որովհետեւ պահել՝ թաքցնել կը նշանակէ արեւմտահայերէնով, իսկ տեղական լեզուով պահիր այսինքն «բռնէ» կը նշանակէ։ 

«Դուք Սիրայից է՞ք»։  «Այո» կ՛ըսեմ եւ իրենք ալ  յաճախ օգտակար կ՛ըլլան։

Սակայն Հալէպը երազային կը մնայ Արմէն Քէոշկէրեանի համար։ Առաջին բժիշկները, արհեստաւորները հայ եղած են Հալէպի մէջ, ինչպէս ինք կը պատմէ։ 

«Լաւ ձեւով ապրեցանք Սուրիոյ մէջ, մինչեւ ներքին պատերազմը 2011 թուական, մենք 25- 30 հազար հայութիւն ունէինք Սուրիոյ մէջ, հիմա մօտաւոր 9-10 հազար հայութիւն մնացած է ամբողջ Սուրիոյ մէջ»,– կ՛ըսէ Արմէն Քէոշկէրեան։ 

Անոր մանչը ութը տարի ծառայած է Սուրիական բանակին մէջ, ինչպէս ինք կը պատմէ։Արմէն Քէոշկէրեան  պատկանելով ՀՄԸՄ-Ի մեծ ընտանիքին որպէս խմբապետ՝ սփիւռքի մէջ մեծ ներդրում ունեցած է հայապահպանութեան գործին։

Ըստ Արմէն Քէոշկէրեանի Հայրենիք-սփիւռք հասկացողութիւնը միս ու ոսկոր են։ Ան օրինակներ կը բերէ երկրաշարժի օրերէն, թէ ինչպէս Հալէպի ժողովուրդը անխտիր փութաց Հայաստանի մէջ երկրաշարժէն տուժած մեր հայրենակիցներուն օգնութեան։ 

Որպէս նորեկ հայրենադարձ Արմէն Քէոշկէրեան ընտելացած է Հայաստանի կենցաղին թէեւ կ՛ըսէ թէ խոցելի երեւոյթներ ալ կան, սակայն շատերը ըսած են, թէ լաւ ատենի եկած էք։  

«Հայրենիքին կանչը տարբեր նշանակութիւն ունի»,- կ՛ըսէ Արմէն Քէոշկէրեան։

Կարդացեք նաև

Back to top button