Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 23 Մայիս. 2024

Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ընդլայնելու Իրանի քաղաքականութիւնը պէտք է շարունակել Մոհամմետ Մոխպերի առաջնորդութեամբ, ըսած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէյ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին։

Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն արտասանած խօսքին մէջ, Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Քլոտ Վիզլեր յայտարարեց, որ իր երկիրը կը պահանջէ, որ Պաքու անմիջապէս ազատ արձակէ բոլոր ռազմագերիները եւ համապարփակ տեղեկութիւն տրամադրէ անյայտ կորսուած անձերուն մասին։

Դանիէլ Դաւիթեանը նշանակուած է օտարերկրեայ պետութիւններուն մէջ՝ Սփիւռքի գործերու յանձնակատար: Որոշումը ստորագրեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 23-ին ։ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն դիմատետրի էջին հայերէն գրառում կատարած է աշխարհահռչակ երաժիշտ Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին առիթով։

Back to top button