ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 31 Յունուար. 2023

15 զինծառայողներու մահուան պատճառ դարձած հրդեհի գործով ձերբակալուած է եւս մէկ անձ։ Գեղարքունիքի՝ Ազատ գիւղ, տեղակայուած վաշտի կացարանին մէջ 19 Յունուարին բռնկած հրդեհին պատճառով այրուածքներ ստացած 3 զինծառայողները, որոնք վերակենդանացման բաժանմունքն էին, տեղափոխուած են հիւանդասենեակ։

«Ցնցող էր տեսնել հայերու դէմ ցեղասպանութիւն քարոզող պաստառներ»,- ըսած է Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատամ Շիֆ։ Երբ շաբաթ օր ատելութեամբ լեցուած թռուցիկներ փակցուած են Պեւըրլի Հիլզի մէջ Արցախի շրջափակման դէմ կատարուած ցոյցերէն յետոյ կը յայտնէ պարբերականը։

Հայաստանի Ազգային ժողովի հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Թագուհի Թովմասեան շտապ գրութիւններ ուղարկած է Իսրայէլի խորհրդարանի հանրային անվտանգութեան յանձնաժողովի ղեկավարին՝ Իսրայէլի մէջ հայ երիտասարդները ծեծի ենթարկելու դէպքերուն կապակցութեամբ։

Back to top button