ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 26. 2022

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթըն մեկնած է : Անվտանգութեան խորհուրդի հաղորդագրութեան համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներ այցի շրջածիրէն ներս՝ Արմէն Գրիգորեան շարք մը աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենայ։

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան հանդիպած է Ամերիկայի քոնկրեսական Ատամ Շիֆի հետ։ Քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Ատրպէյճան-Ղարաբաղ հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր։

Երէկ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համամասնական ընտրակարգով հերթական ընտրութիւններ տեղի ունեցան ։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած տուեալներով՝ ընտրութիւններուն մասնակցած է քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներուն 50,4 %-ը կամ 119 հազար 469 անձ ։

Back to top button