Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 2. 2022

Օգոստոս 2 առաւօտեան 9:00-ի դրութեամբ, իրադրութիւնը շփման գիծին էական փոփոխութիւններու չէ ենթարկուած, կայուն-լարուածութիւնը պահպանուած է: Կը տեղեկացնէ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը։

Oգոստոսի 1-ին ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կողմէն ձեռնարկուած սադրանքի հետեւանքով՝ վիրաւորուած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող Ալբերտ Վլադիկի Բախշեան, որուն վիճակը բաւարար է:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ Միրզոյեան-Տոնֆրիտ հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցեր․ «Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ծագած մարդասիրական խնդիրներու լուծման՝ կողմերը ընդգծած են հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Back to top button