ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբերի 23, 2020

Արցախ-Ատրպէյան հակամարտութեան գօտիին յարաբերական կայուն լարուած իրադրութիւնը փոփոխութեան չէ ենթարուած գիշերուան ընթացքին: Առանձին հատուածներուն շարունակուած են հրետանային մենամարտերն ու փոխհրաձգութիւնները: Երեկոյեան, հերթական անգամ կոպտօրէն խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնները, թշնամական ուժերը հրետակոծած են Ասկերանը, իսկ կէսգիշերին՝ կրկին անգամ թիրախաւորած են Մարտունին: Մարտերը կ՛ընթանան ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով:

Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումներու կողմէն կը շարունակուի վարձկան-ահաբեկիչներէն կազմուած թշնամական ներթափանցող խումբերու յայտնաբերման և ոչնչացման գործողութիւնները: Արցախի նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը՝ կը յայտնէ, որ Մարտունիի մէջ հրթիռա-կոծման հետեւանքով նիւթական վնասները շատ են։Բարեբախտաբար Խաղաղ բնակչութեան շրջանին մէջ տուժածներ չկան։

Back to top button