Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 19 Ապրիլ. 2024

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան յայտարարեց, որ Փաշինեան-Պլինքըն-Ֆոն տեր Լէյեն 5 Ապրիլի հանդիպումին գաղտնի օրակարգ չէ եղած: Երեւան հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, իբր թէ Պրիւքսէլի հանդիպումի յայտարարութիւններէն բացի, նաեւ փաստաթուղթեր ստորագրուած են:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան տարիլիցին նուիրուած միջոցառում, առանցքին էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ու տեղահանուած հայութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
Իսրայէլ հրթիռակոծեց Իրանի մէջ կառոյց մը, կը յայտնէ ABC News ։ Իրանի լրատուամիջոցները յայտնեցին Սպահանի օդակայանին քով պայթումներու մասին, կը յայտնէ Reuters։

Back to top button