ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 29 Մարտ. 2024

Հայաստանը Ապրիլին առաջին անգամ պիտի մասնակցի Սպանիոյ մէջ Եւրամիութեան երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու հաւաքին: Ըսաւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ:

Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը առաւօտ կանուխ հրթիռային հարուածներ հասցուցած են Հալէպի օդակայանի մերձակայքը գտնուող ռազմական կէտերուն վրայ։ Հարուածներու արդիւնքով խաղաղ բնակիչներու եւ զինուորականներու շրջանին մէջ զոհերու թիւը հասած է 36-ի։ Կը հաղորդէ Al Hadath հեռուստաալիքը։

Այսօր Աւագ Ուրբաթն է. այն Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան, մահուան ու թաղման յիշատակութեան օրն է: Երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ նախատօնակի արարողութեան ընթացքին կը կատարուի Թաղման կարգ։

Back to top button