ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 26 Մարտ. 2024

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի՝ Արժանթին այցելութեան առիթով միջոցառում մը կազմակերպուած է Պուէնոս Այրեսի խորհրդարանին մէջ, որտեղ նախարար Միրզոյեանին շնորհուած է «պատուաւոր հիւրի» տիտղոս, ինչպէս նաեւ կայացած է «Հայկական Պուէնոս Այրես» գիրքի շնորհանդէսը:

«Սահմաններու սահմանազատման վերաբերեալ իրական բանակցութիւններ անհրաժեշտ են, եւ բոլոր տարածքային վէճերը պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով` համաձայնեցուած գործընթացի շրջանակներու մէջ»,- գրած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար X-ի հարթակին։

Երեւանի մէջ Վրաստանի վարչապետը յայտարարեց, որ առանց վերապահումներու կ՛աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։

Back to top button