Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 08 Փետրուար. 2023

Հայաստանի Հանրապետութիւնը փրկարարական ջոկատներ ուղարկեց Սուրիա եւ Թուրքիա` աջակցելու աւերիչ երկրաշարժին պատճառով տուժած շրջաններուն մէջ կատարուող որոնողական-փրկարարական աշխատանքներուն: Այս մասին գրեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Վահան Յունանեան:

Հայաստան երկրաշարժէն տուժած երկրներ ուղարկեց ընդհանուր 56 փրկարար։ Լիբանան այսօր յայտարարեց իր օդային տարածութիւնը եւ ծովային նաւահանգիստները բանալու մասին, որպէսզի հարեւան Սուրիա հասնի արտակարգ մարդասիրական օգնութիւնը, հաշուի առնելով, որ Դամասկոսի դէմ կը գործեն Ամերիկայի եւ Եւրամիութեան տնտեսական պատժամիջոցները ։ «Սա նուազագոյնն է, որ մենք կարող ենք ընել եղբայրական սուրիացի ժողովուրդին համար փորձութիւններու պահուն», — ընդգծեց լիբանանցի պաշտօնակատարը: Նաեւ ըսաւ , որ Հալէպ եւ Լաթաքիա մեկնած են լիբանանցի փրկարարներու խումբը։

Գերմանիոյ մէջ Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման Պերպոք խոստացաւ աչք չփակել մարդու իրաւունքներու խախտումներուն՝ խօսելով Պաքուի հետ ուժանիւթային համագործակցութեան մասին։ Գերմանիան աչք պիտի չփակէ մարդու իրաւունքներու եւ այլ խախտումներու դիմաց:

Back to top button