Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 22 Ապրիլ. 2024

Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան այսօր հանդիպում կ՛ունենայ Տաւուշ մարզի շարք մը բնակավայրերու վարչական ղեկավարներուն հետ։ Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճամբու Կիրանց-Ոսկեպար հատուածը Տաւուշի շարք մը համայնքներու բնակիչներ փակած են ՝ իրենց բողոքը արտայայտելով սահմանի որոշ հատուածներուն սահմանազատման շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պայմանաւորուածութեան դէմ ։ Ատրպէյճան հիմնայատակ աւերած է Շուշի շրջանի Քարինտակ գիւղը։ Google Earth արբանեակային ծառայութիւնը թարմացուց Ասկերան եւ Շուշի շրջաններու տիեզերական պատկերները։ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երթ դէպի Փարիզի Յաղթական կամար, եւ ծաղկեպսակներու զետեղման հանդիսաւոր արարողութիւն՝ ի հիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն։

Back to top button