Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 8. 2022

Հայաստանի Զինուած ուժերը հրադադարը չեն խախտած . Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկութիւն տարածել։ Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է, կը գտնուի Հայաստանի Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան տակ:

Ըսուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։ Մինչեւ 25 Օգոստոս նոր ճանապարհը երթեւեկելի կ’ըլլայ։ «Միջանցքի այլընտրանքային ճանապարհի շինարարութիւնը հայկական կողմը սկսած է օրերս»,- ըսաւ Արցախի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարը: Ատրպէյճանի պահանջը կը վերաբերի նաև Բերձոր քաղաքին, Աղաւնօ եւ Ներքին Սուս գիւղերուն:

Հայկ Խանումեան հանդիպած է այդ համայնքներու բնակիչներուն հետ, քննարկած վերաբնակեցման հարցերը: «Կիւլպէնկեան» hիմնարկութիւնը, գործակցաբար Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին՝ նախաձեռնած է յատուկ ծրագիր մը, որը կը կը միտի սփիւռքի զանազան գաղութներու հայ ուսուցիչները վերապատրաստելու՝ նորարարական մեթոտներով հայերէն դասաւանդելու համար: Ծրագիրին մասնակցած են 29 քաղաքներու 61 դպրոցներու մէջ գործող 200 հայ ուսուցիչներ։

Back to top button