Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբերի 04, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան ԵԱՀԿ եվրոպայի Անվտանգութեան և համագործակցութեան նախարարական խորհուրդի 27-րդ հանդիպման ժամանակ իր ելոյթին մէջ նշեց, թե ինչ պէտք է ընել Ղարաբաղյան հակամարտութիւնը լուծելու և տարածաշրջանին մէջ տեւական ու կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար։

Այվազեան 4 քայլ նշեց .

• Արցախի կարգավիճակը՝ հիմնուած ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման վրայ, Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը։

• Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի տարածքներու ապաշրջափակումը։

• վերջերս տեղահանուած բնակչութեան անվտանգ և արժանապատիւ վերադարձը իրենց բնակավայրեր։

• Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային և կրօնական ժառանգութեան պահպանութիւնը: Իսկ «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով ռազմագերիներու եւ այլ պատանդներու անյապաղ և անվերապահ փոխանակումը, աճիւններու վերադարձը պէտք է իրականացուին առանց որեւէ յապաղման։ Ըսած է նախարար Այվազեան։

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան տեղեկացուց է, որ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ խօսած է մասնագիտական մշակուած ապացոյցներով ու վերլուծութեամբ։

«Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արհեստական կը ձգձգեն գերիներու վերադարձի գործընթացը, խոչընդոտներ կ՛առաջացնեն հայ հասարակութեան մէջ լարուածութիւնը մեծցնելու եւ հոգեկան տառապանքներ պատճառելու նպատակով»,–ըսած է Թաթոյեան։

96-տարեկան Սուրիկ Ղարիպեանը իր ձեռքով աճեցուցած 3 թոնն գետնախնձորը նուիրաբերած է Հայոց բանակին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Հացառատի զարգացման բարեգործական հիմնադրամը` գրելով․ Փառք ու պատիւ մեր մեծերուն։

Back to top button